Դամասկոսի Ղութա շրջանին մէջ տեղի ունեցող մարտերուն պատճառով ռուսական ռազմական հրամանատարութիւնը արգիլած է Հմէյհէմի եւ Թարթուսի ռազմակայաններու զինուորականներուն եւ սպաներուն Դամասկոս մեկնիլ, մինչեւ Ղութայի պատերազմի աւարտը:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, արգիլելու պատճառը նախ այն է, որ զինուորներու կեանքին կրնայ վտանգ սպառնալ, կամ կրնան առեւանգման կամ զինեալ յարձակման զոհ դառնալ: Երկրոդ պատճառն այն է, որ Ռուսիա կը ցանկայ ապացուցել, որ ինք Ղութայի պատերազմին մասնակից կողմ չի հանդիսանար:
Նշենք, որ ռուս զինուորականներն ու սպաները իւրաքանչիւր շաբաթավերջին Դամասկոս կ'այցելէին, Համիտիէի շուկայէն ապրանք ու յուշանուէրներ գնելու նպատակով: