Հայ գործարար աշխարհի կապերը զօրացնելու եւ միջազգային համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ ստեղծելու նպատակով՝ «Մանթաշեանց» գործարար ակումբը պաշտօնապէս իր դռները բացաւ Մոնթրէալի մէջ։ Նախաձեռնութիւնը նոր քայլ մըն է հայ գործարարներու համախմբման եւ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող հայկական գործարար ցանցին ընդլայնման ուղղութեամբ։
Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։
«Մանթաշեանց» Մոնթրէալի գործարար ակումբին բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35ամեակին ընդառաջ։ Միջոցառման ներկայ էին ակումբին 20 հիմնադիր անդամները, հրաւիրեալներ եւ «Մանթաշեանց»ի անդամներ՝ Հայաստանէն, Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթընէն, Շիքակոյէն եւ Թորոնթոյէն։
Հանդիսութիւնը պատուեցին Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, քաղաքային խորհրդական Վանայ Նազարեան, ՀԲԸՄ Հայաստանի ներկայացուցիչ Վազգէն Եագուպեան, Գանատահայ գործարար խորհուրդի ներկայացուցիչ Փօլ Նահապետեան եւ «Մանթաշեանց»ի համահիմնադիր ու նախագահ Վահրամ Միրաքեան։
Նախաձեռնութեան կայացման մէջ կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ Լեւոն Աֆէեանը, որուն անունը կը յիշուի «Մանթաշեանց»ի՝ Մոնթրէալի մէջ ներկայութեան հաստատման եւ հայ գործարարները համախմբելու այս նոր ձեռնարկին առնչութեամբ։
Ակումբին հիմնադիրները կը շեշտեն, որ Մոնթրէալի մէջ նման կառոյցի մը ստեղծումը կը բխի հայ գործարարներու միջեւ վստահութեան, փորձառութեան փոխանակման եւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութենէն։ Աշխարհի աւելի քան 25 քաղաքներու մէջ տարածուած «Մանթաշեանց»ի ցանցը հայ ձեռնարկատէրերուն կ՚ընձեռէ իրարու հետ կապ հաստատելու, նոր ծրագիրներ զարգացնելու եւ գործարար կարելիութիւնները ընդլայնելու հարթակ մը։
Կազմակերպիչները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են Սուսաննա Աւանէսեանին՝ այս նախաձեռնութեան սկիզբ տալու իր ներդրումին համար, ինչպէս նաեւ Քարէն Գազանճեանին, Վարանդ Եափուճեանին, Նորայր Չախալեանին, Անի Չախալեանին եւ Սարգիս Սարգսեանին՝ ձեռնարկին յաջող իրականացման իրենց մասնակցութեան համար։
Մոնթրէալի ակումբին պաշտօնական բացումը կը նշանաւորէ նոր հանգրուան մը՝ հայ գործարարներու միջազգային կապերը ամրապնդելու եւ հաւաքական յառաջընթացը խթանելու ճամբուն վրայ։
2.jpg)
5.jpg)

.jpg)
.jpg)
