image

Ռաքքայի բանտէն 550 անձ փախուստի դիմած է

Ռաքքայի բանտէն 550 անձ փախուստի դիմած է

Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի հանրային պաշտպան Խալիլ Ալ Իտան յայտնած է, որ Ռաքքայի կեդրոնական բանտէն տարբեր յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող 550  բանտարկեալ փախուստի դիմած է, եւ անոնք ներկայիս կը հետախուզուին ոստիկանութեան կողմէ:

Սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին Խալիլ Ալ Իտան նշած է, որ փախուստի դիմած բանտարկեալներէն 15-ը յանձնուած է, եւ անոնց խնդիրին լուծում տրուած է, իսկ միւս փախողներէն ոմանք տակաւին Ռաքքայի մէջ կը գտնուին, սակայն Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերուն տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, մինչդեռ ուրիշներ արդէն լքած են երկիրը: