Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Սիփան Համօ յայտարարած է, որ կը պատրաստուին տարածաշրջանը մաքրազերծել «թրքական աղէտ»էն:
Համօ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտնած է, թէ թրքական ուժերը շուտով իրենց տիրապետութեան տակ պիտի առնեն քրտական ուժերուն ենթակայ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները:
Քրտական «Եփրատ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Համօ յայտնած է, որ քիւրտերը պատրաստ են որեւէ ուժի դէմ պայքար մղել, պաշտպանելու համար «Ռոժաւա» (Արեւմտեան Քիւրտիստան) շրջանը: