Երեքշաբթի օր, Ամերիկայի Արտ. Գործ. Նախարար՝ Ճոն Քէրի յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի պարտաւորուածութիւնը հիւսիսային Աթլանթայի դաշնութեան «ՆԱԹՕ»-ի նկատմամբ՝ պիտի շարունակէ մնալ ուժեղ, Տոնալտ Թրամբի նախագահական ընտրութիւններուն յաղթելով հանդերձ: Այս մասին կը փոխանցէ AFP գործակալութիւնը, աւելցնելով, թէ Թրամբի վարչակազմն ու գոնկրէսը պիտի շարունակեն աջակցիլ հիւսիսային Աթլանթայի դաշնութեան:
Նշենք, որ Թրամբ մտահոգութիւն պատճառած է, երբ յայտնած է, որ 70 տարիէ ի վեր, Ուաշինկթընի կողմէ Եւրոպային շնորհուած պաշտպանողական երաշխիքները կրնան չշարունակուիլ: