image

Քաթարէն ետք կ'ուզեն շրջափակել Լիբանանը

Քաթարէն ետք կ'ուզեն շրջափակել Լիբանանը

Երէկ Սէուտական Արաբիա որոշում հրապարակած է, որով կ'արգիլէ իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ, իսկ այնտեղ գտնուողներուն կը յորդորէ անմիջապէս հեռանալ:

Բացի անկէ, երկրի Պետութեան նախարար Թամէր Ալ Սապհան թուիթըրեան գրառումով մը յայտնած էր, որ երկրի իշխանութիւնները խիստ եւ ծայրայեղ միջոցառումներ պիտի ձեռնարկեն, մինչեւ հարցերն իրենց բնական հունին վերադառնան:

Ըստ «Lebanon 24» լրատուական կայքի վկայակոչած հաւաստի աղբիւրներուն, ներկայիս Սէուտական Արաբիա-ԱՄՆ բանակցութիւններ տեղի կ'ունենան, «Հըզպալլա»ին դէմ դուրս գալու համար: Այս ենթահողին վրայ, ԱՄՆ որոշած է յաջորդ ամսուընէ սկսեալ կիրառել «Հըզպալլա»ի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շրջանին Լիբանան տնտեսական ճգնաժամի պիտի մատնուի, որ առաւել ծանր է, քան ռազմականը:

Աղբիւրներուն պնդմամբ, Քաթարի շրջափակման օրինակը պիտի կիրառուի նաեւ Լիբանանի մէջ, վերջինիս համապատասխան մեթոտներով, որոնց դրսեւորումներէն պիտի ըլլան լիբանանեան օդանաւերուն Սէուտական Արաբիոյ տարածքին վրայ թռիչք կատարելն արգիլելը, Լիբանանէն եւ դէպի Լիբանան դրամական փոխանցումներն արգիլելը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան խափանումը: