Պուրճ Համուտի շրջանին համար կենսոլորտային պատուհաս դարձած եւ շրջանի ծովեզերեայ շրջանին վրայ եղող աղբակոյտը, որ յայտնի է «աղբալեռ» անուանումով պիտի վերացուի: Այս մասին երէկ խօսած է լիբանանեան խորհրդարանի հայ անդամ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Դաշնակցական պատասխանատուն, որ աղբահանութեան հարցին վերաբերեալ մանրամասն բացատրութիւններ տուած է Օ. Թի. Վի. կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նոյնպէս փոխանցած է այդ շրջանին մէջ պատրաստուելիք աղբի թափօններու «թաղման» համար ըլլալիք ամբողջական հատուածին մասին կարեւոր մանրամասնութիւններ: Բագրատունի, որ վստատահեցուցած է, թէ իրենք չեն սխալիր ժողովուրդի հաշւոյն, վստահեցուցած է, թէ «այսօր այդ լեռը ինքնին հիւանդութեան աղբիւր է, ինչպէս նաեւ հսկայական ապականում կը պատճառէ, եւ մենք կ՛աշխատինք վերացնել այս լեռը»: Նշենք, որ Լիբանանի կառավարութեան հրապարակած որոշումին համաձայն, ամէնօրեայ դրութեամբ գլխաւորապէս Պուրճ Համուտի եւ կարգ մը այլ շրջաններէ աղբաթափման կեդրոն պիտի հասնին շուրջ 120 հազար թոն աղբի թափօններ, որոնք քիմիական տարրալուծման ենթակայ չեն, հետեւաբար վտանգ չեն ներկայացներ: Պուրճ Համուտի աղբակայանէն բացի նոյնպէս պիտի գործեն Քոսթա Պրաւայի եւ Ալ Նաահմէյի աղբակայնները: Ըստ Սալամի կառավարութեան որոշման, աղբի այս կայանները պիտի գործեն 4 տարուան շրջանի մը համար: