«Զիլ Խօսք» Կը գրէ ՝
Պուրսայի մէջ հայկական եկեղեցին ծախու հանուած է: Այս մասին լուրը այսօր գրաւեց հայկական առցանց ծառայութիւններու լուրերուն առաջին դիրքը: Յառաջիկայ օրերուն եւս լուրը աւելիով պիտի տարածուի եւ դուռ բանայ տարբեր մակարդակի քննարկումներու: Թրքական աղբիւրներ կը նշեն, որ եկեղեցին ծախու հանուած է sahibinden.com կայքին կողմէ, որ անշարժ գոյքերու առեւտուր իրականացնող կայք է: Եկեղեցիին համար , որպէս նախնական գին կը պահանջուի 1.5 միլիոն ամերիկեան տոլարի գումար մը: Այսքանը, որպէս նախնական տեղեկութիւն տրուելէ բացի, եկեղեցին ծախու հանողները անշուշտ նպատակ ունին իրենց առաջադրանքը հասցընել «հարուստ» հռչակով յայտնի հայկական սփիւռքին: Թուրքիոյ տարածքին հայկական ինքնութիւնը խնդիր տեսած երկրի իշխանութիւնները այսօր արդէն կը յիշատակեն, որ Պուրսայի, երբեմնի Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ հայեր կարեւոր դիրք զբաղեցուցած են: Այս տուեալներէն անդին վիրաւորական է, որ մեր եկեղեցին կը կամենան վաճառել, մինչ մենք զբաղ ենք հազար ու մէկ խնդիրներով եւ մեր օրակարգը խճողած յաճախ անհեթեթ եւ տեղ չտանող առաջադրանքներով: Իրականութեան մէջ հռետորական խնդիր մը չկայ այս հարցին մէջ: Հայկական եկեղեցին ծախու հանուած է: Հայկական որ կողմը, ձեռքը իր գրպանը տանելով, պատիւով դուրս պիտի բերէ մեզ այս պարտադրուած ճակատամարտէն: Եկեղեցին ծախու հանուած է ու պատկերէն կ'երեւայ, որ 300 տարուան կեանք ունեցող Աստծոյ այս տունը կարելի է վերանորոգել ու նոր շունչ մը բերել արեւմտահայոց համար երբեմնի կեդրոն հանդիսացող Պուրսային: Եկեղեցին ծախու է, սակայն մենք զբաղած ենք մեր ճամպրուկները փակելով եւ հեռու հեռաւոր ափերու վրայ հայապահպանութիւն խաղալով ...
Մեր մտահոգութիւնը ան է, որ այս հողերէն ու տեղանքէն փրկուելու ճիգով հեռացողներուն համար իրական կողմնացոյցը վաղուց կորսուած է:
Ու ատոր հետեւանքով, օր մը առանց աղմուկի, թերեւս մութի եւ լոյսի արանքներուն մէջ մեր բոլոր եկեղեցիները կրնան ծախու հանուիլ:
Իւրաքանչիւր եկեղեցի մեր ազգային պատիւին պարիսպն է: Հարցում. ընելիք պիտի ունենա՞նք ծախու հանուած եկեղեցիին համար: