image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ Մէջ Շնորհք Պատրիարքի Վախճանման 25 Ամեակը Պիտի Նշուի

Պոլսոյ Մէջ Շնորհք Պատրիարքի Վախճանման 25 Ամեակը Պիտի Նշուի

Ուրբաթ 29 Յունուար 2016 Պոլսոյ Հայոց ՊատրիաՐքարանէն ներս խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ: Զրոյցի ընթացքին, Հայր Սուրբի կողմէ յիշեցուած է, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներէն Շնորհք Պատրիարք, 1941ին պաշտօնի կոչուած էր որպէս Դպրեվանքի տեսուչ, որու լոյսին տակ յետ հանդիպման որոշուած է, որ դպրեվանքի ներկայ տեսչութիւնը իր նախկին տեսուչին որպէս երախտագիտութիւն, Ապրիլ 10-17 թուականներու միջեւ, երաժշտական երեկոյ մը կազմակերպէ, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը:

Յառաջիկային, սոյն հանդիսութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին հանրութեան: