image

Պոլսահայ համայնքի վտանգուած ըլլալուն մասին լուրերը անհիմն են.Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան

Պոլսահայ համայնքի վտանգուած ըլլալուն մասին լուրերը անհիմն են.Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան

«Պոլսահայոց թերեւս միակ փափաքը երկրին մէջ խաղաղութեան ամրագրումն է»` «Հայ Ձայնի» թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է պոլսահայ  Տէր Շիրվան քահանայ Միւրզեան: Վերջինս կը հանդիսանայ Պէօյիւքտէրէի Սրբոց Հռիփսիմեանց, Պոյաճագիւղի Սուրբ Երից Մանկանց եւ Ռումէլիհիսարի Սուրբ Սանդուխտ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւը:

«Հայ Ձայն»ի թղթակիցը Տէր Հօր հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած  է պոլսահայ համայնքին վերաբերող շարք մը հարցերու, ի մասնաւորի հետաքրքրուած է, թէ այժմ ինչ վիճակի մէջ  կը գտնուի պոլսահայ համայնքը, ինչպիսի մթնոլորտի մէջ  կ'ապրի տեղի հայութիւնը: Տէր Շիրվան զրոյցի ընթացքին հերքած է հայկական մամուլին մէջ յաճախակի շրջանառուող այն լուրերը, ըստ որոնց` վտանգուած է Թուրքիոյ հայ համայնքի ապահովութիւնը եւ տեղի հայութիւնը կ'ապրի վախի, ճնշուածութեան ու անապահովութեան մթնոլորտի մէջ:

Ըստ Տէր Հօր, նմանօրինակ լուրերը պարզապէս թիւրըմբռնման արդիւնք են: Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներէն ոչ մէկ հայ  տուժած է, անոնք երբեք վնաս չեն հասցուցած հայութեան: Այսինքն`  այդ գործողութիւնները հայութեան դէմ ուղղուած չեն եղած: «Հայ համայնքի ներկայացուցիչները Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ կ'ապրին այնպէս, ինչպէս մնացած բոլոր քաղաքացիները, եւ մեր իրաւունքները որեւէ կերպ սահմանափակուած չեն: Մենք Թուրքիոյ մէջ ունինք դպրոցներ, եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ, գիշերօթիկ վարժարաններ, որոնք բոլորն ալ կը գործեն: Իսկ հայկական եկեղեցիներու զանգերն ալ մշտապէս կը ղողանջեն»,- ըսած է քահանան:

Տէր Հայրը իր խօսքին մէջ նշած է, որ հայութեան համար ամենալաւ շրջանը այս կառավարման շրջանը եղած է, քանի որ հայերուն պատկանող կալուածներուն մէկ մասը ետ  վերադարձուած է, իսկ կառավարութիւնն ալ իր հերթին հաշուի  նստած է հայերու իրաւունքներուն հետ: Ինչ կը վերաբերի ապահովութեան բացակայութեան, Տէր Շիրվան այն կարծիքն արտայայտած է, որ այսպիսի լուրերը սոսկ չափազանցութեան հետեւանք են:

Պոլսահայութիւնը դգոհութիւններ չունի պետութենէն, ոˊչ  ալ ժողովուրդէն: Ըստ Տէր Հօր` «Մենք կը վայելենք տեղի ինքնակառավարման մարմիններու աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը, եւ որեւէ ժամանակ հնարաւորութիւն ունինք կազմակերպելու տարատեսակ միջոցառումներ, հաւաքներ եւ այլն»:

Զրոյցի ընթացքին Տէր Շիրվան հակիրճ  ձեւով ներկայացուց նաեւ, թէ ինչպէս  տեղի հայ համայնքը նշած է բոլորին համար ամենասիրելի տօները` Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը: Հոգեւորականին խօսքով, ամանորեայ տօներու ընթացքին բոլոր եկեղեցիները բաց եղած են: Տեղի հայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ու ոգեւորութեամբ լեփ-լեցուն եկեղեցիներուն մէջ մասնակցած է տօնական արարողութիւններուն եւ Սուրբ ծննդեան պատարագին: Պատրիարքարանէն ներս կազմակերպուած է ընդունելութիւն` համաձայն Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Յարութեան տօներուն կազմակերպուելիք ընդունելութեան հնամեայ սովորոյթին, որուն գլխաւոր նպատակն է շնորհավորել իրար՝ տօներու առիթով:

Տէր Հայրը իր խօսքին մէջ նշած է, որ թէˊ իր, թէˊ պոլսահայութեան միակ ցանկութիւնն ու փափաքը այս պահուն միայն մէկ բան է, որ երկրին, մասնաւորապէս իրենց քաղաքին մէջ խաղաղութիւն, սէր ու ապահովութիւն հաստատուի, որ այս նոր տարուան ընթացքին որեւէ մարդու` անկախ ազգութենէն ու կրօնական պատկանելիութենէն, վնաս չհասնի:

Տէր Շիրվան տեղեկացուցած է նաեւ պատրիարքական ընտրութիւններու ընթացքին մասին: Ան մասնաւորապէս նշած է, որ այս պահի դրութեամբ պատրիարքական ընտրութիւններուն վերաբերեալ նորութիւններ չկան: «Յայտնի է միայն, որ Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովը պատրիարքական Աթոռը թափուր հռչակած է: Հաւանաբար պատրիարաքական փոխանորդը այս  հարցով  դիմած է  Պոլսոյ   կուսակալին , սակայն մնացեալ հոգեւորականներս ատոր մասին մինչ այժմ որեւէ տեղեկութիւն չունինք»,- ըսած է հոգեւորականը:

Ան աւելցուցած է նաեւ, որ Պատրիարքութիւնը որոշած է ընտրութիւն կազմակերպել, բայց այդպիսի գործողութիւնները հարկաւոր է պետութեան հետ եւս համաձայնեցնել: