Սուրիոյ Ճարապլուս քաղաքին շուրջ տեղակայուած քրտական YPG -ի ջոկատներու զինուորական մէկ բանբերը յայտարարած է, թէ ոչ ոք իրենցմէ պահանջած չէ լքել իրենց դիրքերը եւ տեղակայուիլ Եփրատի արեւմտեան հունի շրջաններուն մէջ: Րէտուր Խալիլ, որ խօսած է «Ամերիկայի ձայն» կայանին նաեւ յայտնած է, թէ գետնի վրայ ընթացող զարգացումները ցոյց կու տան, որ թրքական ուժերուն հիմնական թիրախը, ոչ թէ Տահէշ խմբաւորումն է, այլ շրջանին մէջ ապրող քիւրտերն են: Խալիլ նաեւ հաստատած է, որ «այս հողերը մեր հողերն են, եւ մենք չենք պատրաստուիր հեռանալ շրջանէն եւ պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ»: Նշենք, որ երէկուընէ սկսեալ թրլքական ուժերը շղթայազերծած էին «Եփրատի վահան» անունը կրող զինուորական գործողութիւնը, որ ըստ թրքական կողմին, կը միտէր Թուրքիոյ հետ սահմանային հատուածները եւ մասնաւորապէս Ճարապլուս աւանը «մաքրազերծել» Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն: Թուրք բարձրաստիճան զինուորական բանբեր մը այս առաւօտ խօսելով «Ռօյթըրզ»ին նկատել տուաւ, որ թրքական քսան թանկեր Ճարապլուս կը գտնուին եւ ըսած է, որ եթէ հարկը զգացուի, յաւելեալ ուժեր եւս շրջան պիտի առաքուին: