Յառաջիկայ օրերուն Հալէպի հայկական թաղամասերը կրնան ջուր ստանալ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հակառակ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն այն մասին, թէ Հալէպի, մասնաւորապէս Սուլայմանիյէ շրջանը սկսած է ջուր ստանալ, սխալ է եւ մինչեւ այս պահը Հալէպի հայկական թաղամասերը կը շարունակեն մնալ անջրդի: Միւս կողմէ, ըստ կառավարական պատասխանատուի մը, վաղուընէ սկսեալ վերանորոգչական աշխատանքներ սկիզբ պիտի առնեն Հալէպի «Այն Ալ Պայտա» ջրամատակարարման կայանին մէջ, որոնք պիտի տեւեն 5 օր ու շատ հաւանական է, որ կայանի աշխատելէն ետք հայկական թաղամասերը ջուր ստանան: