Ամերիկահայ անգլիագիր գրող Փիթըր Պալաքեան «Փուլիցըր» մրցանակին արժանացած է: Այս մասին կը կարդանք The Washington Post պարբերականին մէջ: Մրցանակը շնորհող մարմինը իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ գրած է, թէ Պալաքեան իր բանաստեղծական զգայուն լեզուով յաջողած է յիշողութեան փոշիներէն վերհանել Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական էջերը: Պալաքեան, որ յայտնի է նաեւ իր արձակ գործերով, մրցանակը ստացած է իր բանաստեղծական վերջին «Օզոն Ճըրնըլ» հատորին համար: Պալաքեանի յայտնի գործերէն կարելի է նշել «Ճակատագրի սեւ շունը», «Այրուող Տիգրիս»ը, «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի պատասխանը»: Յայտնենք, որ Պալաքեան քանի մը առիթներով այցելած է Հայաստան եւ հանդիպում ունեցած գրական շրջանակներու եւ հայրենի ուսանողութեան հետ: