ՀՀ տարածքին գործող փոթորիկը այսօր կէսօրէ ետք պիտի կորսնցնէ իր ուժը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ տեղումները գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ մինչեւ երեկոյ պիտի դադրին: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ ԱԻՆ «Հիդրոմետ» ծառայութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Գագիկ Սուրէնեան:
Անոր տեղեկութիւններով՝ յառաջիկայ գիշերը ձիւնը պիտի շարունակուի միայն Վայոց Ձորի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ: Փետրուար 2-ի կէսօրէն սկսեալ մինչեւ Փետրուար 6 բոլոր մարզերուն մէջ կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:
«Այսօր երեկոյեան ժամերուն հիւսիսարեւմուտքէն պիտի սկսի ցուրտ օդային հոսանքներու ներհոսքը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Փետրուար 2-3 ժամանակահատուածին՝ յատկապէս գիշերային ժամերուն օդի ջերմաստիճանը պիտի նուազի 10-15 աստիճանով: Ամենացուրտը պիտի ըլլան Փետրուար 3-ի եւ 4-ի գիշերները, երբ Շիրակի, Կոտայքի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի եւ Վայոց Ձորի լեռնային գօտիներուն մէջ գիշերը ջերմաստիճանը պիտի նուազի մինչեւ 25….30, Լոռիի մէջ 22…27, Տաւուշի 15….20, Արագածոտնի եւ Վայոց Ձորի նախալեռներուն մէջ 17….20, Սիւնիքի հովիտներուն մէջ 10…15, Սիւնիքի նախալեռներուն մէջ 18…23, Արցախի մէջ 12…16, Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերուն մէջ 20…25, Երեւանի բարձրադիր գօտիներուն մէջ 16…18, ցածրադիր գօտիներուն 23…25 աստիճանի»,նշած է Գագիկ Սուրէնեան:
Ըստ օդերեւութաբանին՝ Փետրուար 5-էն սկսեալ Հայաստան պիտի ներթափանցեն տաք օդային հոսանքներ, եւ օդի ջերմաստիճանը աստիճանաբար պիտի սկսի բարձրանալ: