image

«Փենթակոն տեղեակ չէ ռուս-թրքական համագործակցութեան մանրամասներէն». Փիթըր Քուք

«Փենթակոն տեղեակ չէ ռուս-թրքական համագործակցութեան մանրամասներէն». Փիթըր Քուք

Փենթակոնի մամլոյ խօսնակ Փիթըր Քուք երէկ, 3 Յունուարին կայացած մամլոյ ամփոփագրին մէջ յայտարարած է, որ Փենթակոն տեղեակ չէ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ տարուող պայքարի ուղղութեամբ ռուս-թրքական համագործակցութեան մանրամասներուն, սակայն մշտական կապի մէջ է թրքական կողմին հետ եւ շատ յաճախ նաեւ օգնութիւն կը ցուցաբերէ՝ նկատի ունենալով վերջինիս գործօն դերը որպէս Միջազգային Դաշնութեան անդամ,  կը գրէ «Նովոսթի» գործակալութիւնը:

Այս առթիւ յայտնած է, որ սուրիական Ալ Պապ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ գլխաւորած ռազմական գործողութիւններուն ամերիկեան կողմը միջամուխ եղած է Անգարայի խնդրանքով, աւելցնելով, որ ԱՄՆ-ի մասնակցութիւնը սահմանափակուած էր ոյժի ցուցադրութեամբ:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ զինուած ուժերու ներկայացուցիչներ յայտարարած էին, որ ռուսական օդուժը մասնակցած էր Ալ Պապ քաղաքին մէջ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դէմ մղուող մարտերուն, ուր եւ կը գործէ «Եփրատի Վահան»ը: