image

Փաշինեանէն շնորհաւորանք՝ Պայտընին

Փաշինեանէն շնորհաւորանք՝ Պայտընին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ճօ Պայտընին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.

«Մեծարգոյ պարոն Պայտըն,

Ընդունեցէք, խնդրեմ, մեր սրտանց շնորհաւորանքները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ։

Համոզուած եմ, որ երկարամեայ քաղաքական ու օրէնսդիր գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերած հարուստ փորձառութիւնը եւ գիտելիքները կ՝ուղեկցին Ձեզի` բարօրութեան եւ առաջընթացի ճանապարհով Միացեալ Նահանգները ու անոր ժողովուրդը առաջնորդելու Ձեր գործունէութեան մէջ:

Ձեր գործունէութեան ընթացքին դուք մեծ ներդրում կատարած էք հայ-ամերիկեան բարեկամութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ: Հայ ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով Ձեր կողմէն ցուցաբերած սկզբունքային դիրքորոշումը:

Կը հաւատամ, որ Ձեր նախագահութեան ընթացքին հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւնները, որոնք խարսխուած են ընդանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ, պիտի շարունակեն վերելք ապրիլ՝ մեր պետութիւններուն միջեւ առկայ ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակին համահունչ:

Անշուշտ այդ գործընթացին մէջ իր անգնահատելի ներդրումը ունի նաեւ ամերիկահայութիւնը, որ կապող կամուրջ կը հանդիսանայ մեր երկիրներուն միջեւ։

Հայաստանը կարեւոր կը համարէ ԱՄՆ-ի դերակատարումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ: Ինչպէս տեղեակ էք, աւելի քան մէկ ամիս է, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, արհամարհելով համանախագահողներու հրադադար հաստատելու բոլոր ջանքերը, կը շարունակեն համատեղ յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ` ներգրաւելով օտարերկրեայ ահաբեկիչներ:

Այդ կապակցութեամբ կ՝ողջունեմ խնդրի հանգուցալուծումը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու Ձեր տեսլականը, որ արտայայտած էք իբրեւ նախագահի թեկնածու:

Լիայոյս եմ, որ Ձեր վարչակազմը գործուն քայլեր պիտի ձեռնարկէ պատերազմի դադրեցման եւ խնդրի համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան ապահովումը անոր ինքնորոշման իրաւունքի իրացման միջոցով:

Թոյլ տուէք անգամ մը եւս շնորհաւորել Ձեզ՝ ԱՄՆ նախագահի պաշտօնին  ընտրուելու առիթով եւ մաղթել քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն»: