image

Փաշինեան-Ծառուկեան հանդիպո՞ւմ. Armlur.am

Փաշինեան-Ծառուկեան հանդիպո՞ւմ. Armlur.am

ArmLur.am-ի  տեղեկութիւններու համաձայն՝ այսօր ժամը 13.00-ին ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութիւն պիտի այցելէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ հանդիպում պիտի ունենայ ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ:

Ըստ կայքի տեղեկութիւններուն՝ մինչեւ հանդիպումը ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորները պիտի հանդիպին Գագիկ Ծառուկեանի հետ, որմէ ետք նոր պիտի կայանայ Փաշինեան-Ծառուկեան հանդիպումը:

Կայքի աղբիւրները փոխանցած են, որ Ծառուկեանի հետ պիտի ըլլան եւս երկու ԲՀԿ-ական պատգամաւորներ: Նշենք, որ Փաշինեանը կ'առաջարկէ 2021-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել, բայց մինչ այդ ԲՀԿ-ն կառավարութեան մէջ պէտք է ունենայ քանի մը նախարարական աթոռ:

Աւելի վաղ ArmLur.am-ը յայտնած էր, որ խումբ մը իշխանականներ այս օրերուն կը քննարկեն իրավիճակէն դուրս գալու ելքեր եւ այնպիսի տարբերակներ, որ 16 կուսակցութիւններու կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրած Վազգէն Մանուկեանը չդառնայ ՀՀ վարչապետ: Ու ըստ այդ սենարի, որ հնարաւոր է առաջիկային ներկայացուի նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, պէտք է իրենց թիմակիցները իրենց «մէջէն» ընտրեն վարչապետ: Եւ ամենահաւանական թեկնածուն այս պահուն կը համարուի ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:

Երբ Արարատ Միրզոյեանը դառնայ ՀՀ վարչապետ, կը ծրագրեն ԱԺ նախագահ ընտրել ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը, իսկ ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանն ալ կարելի է ըսել կ'ունենայ այն, ինչ մինչեւ այսօր իշխանութիւններու շնորհիւ յայտնուած էր արգելափակման տակ: Արդէն մէկ քայլ առնուած է. Գագիկ Ծառուկեանը մանտաթէն զրկելու ԱԺ խորհուրդի որոշումը Սահամանադրական դատարանը նոյնիսկ վարոյթ չէ ընդունած: