ՍԴՀԿ Փարիզի «Նազարբէկ» երիտասարդական միութեան անդամներ բողոքի ցոյց ընելով ձախողցուցած են ազրպէճեանի քարոզչութիւնը համարուող «Խոճալու 613 » անունը կրող համերգը: Նշենք, որ համերգը կազմակերպուած էր «Լամուրէօ» հռչակաւոր նուագախումբին կողմէ, որ ելոյթ պիտի ունենար անցնող 20 մարտին , «Թէաթր տէ Շան զ'Էլիզէի մէջ:Համերգին կազմակերպիչները ամենայն հաւանականութեամբ՝ ընկերային ցանցերու վրայ շրջող լուրերէն տեղեկացած ըլլալու են ցոյցին մասին, քանի որ վերջին պահուն ջնջած են համերգը:Այս առթիւ «Նազարբէկ»ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք. «Հայ երիտասարդութիւնը կրնայ հպարտանալ այս արդիւնքով, քանի որ ճշմարտութիւնը յաղթեց կեղծիքին։ Ազրպէյճանի նաւթատոլարները երբեք պիտի չկարենան ծանր կշռել հայ համայնքին արդարութեան եւ ճշմարտութեան կամքին դիմաց։ Պիտի չգոհանանք այս յաղթանակով։ Ազրպէյճանական պետութիւնը շատ գործօն է հոս՝ Ֆրանսայի մէջ, ինչ կը վերաբերի կեղծիքի եւ հակահայ ատելութեան տարածման։ Պայքարը կը շարունակուի։ Վստահեցէ՛ք մեր յանձնառութեան» ըսուած է ՍԴՀԿ «Նազարբէկ» ուսանողական միութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: