image

Իսրայէլ կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Իսրայէլ կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Կա­ռավա­րու­թեան այս որո­շու­մը կը կա­յացո­ւի Իս­րա­յէլի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ շա­րու­նակ սրա­ցող լա­րուա­ծու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ։

Իս­րա­յէլի կա­ռավա­րու­թիւնը միաձայ­նութեամբ հաս­տա­տած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը պաշ­տօ­նապէս ճանչնա­լու առա­ջար­կը՝ պատ­մա­կան շրջա­դարձ մը ար­ձա­նագ­րե­լով տաս­նա­մեակ­նե­րէն ետք, երբ երկրի քա­ղաքա­կանու­թիւնը մե­ծապէս պայ­մա­նաւո­րուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի հետ ու­նե­ցած դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րով։

Առա­ջար­կը, որ ներ­կա­յացու­ցած էր Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Կի­տէոն Սաար, Օս­մա­նեան կայսրու­թեան կող­մէ հայ ժո­ղովուրդի դէմ գոր­ծադրո­ւած զան­գո­ւածա­յին կո­տորած­նե­րը, տե­ղահա­նու­թիւններն ու բնաջնջու­մը կը ճանչնայ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Կա­ռավա­րու­թեան հաս­տա­տու­մէն ետք, բա­նաձե­ւը կը սպա­սուի ներ­կա­յացո­ւիլ Քնե­սեթի լիագու­մար նիս­տին՝ խորհրդա­րանա­կան քո­ւէար­կութեան հա­մար։

Սաար այս քայ­լը բնո­րոշած է որ­պէս բա­րոյա­կան եւ պատ­մա­կան պար­տա­ւորու­թիւն՝ շեշ­տե­լով, թէ Իս­րա­յէլ պար­տա­ւոր է դա­տապար­տել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ճշմար­տութիւ­նը ժխտե­լու, նսե­մաց­նե­լու կամ խե­ղաթիւ­րե­լու բո­լոր փոր­ձե­րը։

Բա­նաձե­ւը կը վե­րաբե­րի Օս­մա­նեան կայսրու­թեան վեր­ջին տա­րինե­րուն հայ ժո­ղովուրդին դէմ գոր­ծադրո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որուն ըն­թացքին աւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յեր սպան­նո­ւեցան զան­գո­ւածա­յին տե­ղահա­նու­թիւննե­րու, մա­հուան եր­թե­րու, սո­վամա­հու­թեան, կո­տորած­նե­րու եւ հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու հա­մակար­գո­ւած ոչնչաց­ման հե­տեւան­քով։

Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ, Իս­րա­յէլի յա­ջոր­դա­կան կա­ռավա­րու­թիւննե­րը խու­սա­փած էին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նական ճա­նաչու­մէն՝ հա­կառակ որ պատ­մա­կան ապա­ցոյ­ցե­րը ճնշող մե­ծամաս­նութեամբ կը հաս­տա­տեն այդ իրո­ղու­թիւնը։ Այդ վե­րապահ կե­ցուած­քը հիմ­նա­կանին մէջ պայ­մա­նաւո­րուած էր Իս­րա­յէլի եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող զգա­յուն դի­ւանա­գիտա­կան, ռազ­մա­կան եւ անվտան­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րով, մինչդեռ եր­կու եր­կիրներն ալ հե­տեւո­ղակա­նօրէն կը հա­կադ­րո­ւէին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման։

Կար նաեւ երկրորդ գոր­ծօն մը, հրեանե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րի գոր­ծա­ծու­թիւնը կ՚ու­զեն սահ­մա­նել միայն Հո­լոքոս­տի օրի­նակով։ Իրենց հա­մար այդ մէ­կը եզա­կի է եւ կա­րելի չէ ու­րիշ ոչ մէկ արարք նմա­նեց­նել անոր։

Կա­ռավա­րու­թեան այս որո­շու­մը կը կա­յացո­ւի Իս­րա­յէլի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ շա­րու­նակ սրա­ցող լա­րուա­ծու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ։ Թուրքիոյ նա­խագահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը վեր­ջին տա­րինե­րուն բա­ցայայտ թշնա­մական կե­ցուածք որ­դեգրած է Իս­րա­յէլի նկատ­մամբ, մինչ Ան­գա­րան կը շա­րու­նա­կէ ժխտել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ պաշտպա­նել Օս­մա­նեան պե­տու­թեան ժա­ռան­գութիւ­նը։ Այս իրադ­րութեան լոյ­սին տակ, Իս­րա­յէլի քայ­լը սուր ար­ձա­գանգ յա­ռաջա­ցու­ցած է Թուրքիոյ դի­ւանա­գիտա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ։

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ճշմար­տութիւ­նը պէտք էր ճանչցո­ւած ըլ­լար շատ աւե­լի առաջ՝ ան­կախ Իս­րա­յէլի եւ Ան­գա­րայի կամ որե­ւէ այլ պե­տու­թեան մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րէն։ Ճա­նաչու­մը բա­րոյա­կան պար­տա­ւորու­թեան, պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման դէմ հա­մամարդկա­յին պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան հարց է։

Այ­դուհան­դերձ, կա­ռավա­րու­թեան միաձայն որո­շու­մը կա­րեւոր բե­կում մը կը ներ­կա­յաց­նէ։ Ան Իս­րա­յէլը կը մօ­տեց­նէ այն դիր­քո­րոշ­ման, զոր ար­դէն որ­դեգրած են բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւններ, որոնց շար­քին՝ Գա­նատան, Միացեալ Նա­հանգնե­րը, Ֆրան­սան եւ Գեր­մա­նիան, ինչպէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյցներ, նե­րառեալ Եւ­րո­պական խորհրդա­րանը։

Աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թեան հա­մար Իս­րա­յէլի քայ­լը չու­նի յա­տուկ բա­րոյա­կան նշա­նակու­թիւն, քա­նի որ ինք եւս որ­դեգրած է ցե­ղաս­պան քա­ղաքա­կանու­թիւն Պա­ղէս­տի­նի ժո­ղովուրդի նկատ­մամբ։ Ար­դա­րեւ Թուրքիոյ դի­ւանա­գիտա­կան շրջա­նակ­նե­րը Իս­րա­յէլի այս քայ­լը կը մեկ­նա­բանեն հա­մաշ­խարհա­յին ու­շադրու­թիւնը շե­ղելու փորձ մը ըլ­լա­լով։

Բա­ցի Թուրքիայէ Պա­քու եւս դա­տապար­տած է Իս­րա­յէլի կա­ռավա­րու­թեան այս որո­շու­մը եւ զայն որա­կած է պատ­մա­կան ճշմար­տութիւննե­րու հա­կասող երե­ւոյթ։

Միւս կող­մէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան յայտնած է թէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը մտա­դիր չէ ար­ձա­գան­գե­լու Իս­րա­յէզեան կա­ռավա­րու­թեան այդ որո­շու­մին։

Պար­տինք յի­շել թէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման խնդի­րը նա­խապէս ընդդի­մադիր պատ­գա­մաւոր­նե­րու ջան­քե­րով եկած էր Քնե­սեթի օրա­կար­գին եւ իշ­խա­նու­թեան մի­ջամ­տութեան հե­տեւան­քով ալ մեր­ժո­ւած։ Այս ան­գամ, երբ նոյն ինքն կա­ռավա­րու­թիւնը կ՚ար­ծարծէ խնդի­րը տես­նենք թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Քնե­սեթի որոշումը։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»