image

Լուլայի յաղթանակը՝ յետադիմութեան դէմ յոյսի նշոյլ եւ քաղաքական արժանապատուութեան յաղթանակ

Լուլայի յաղթանակը՝ յետադիմութեան դէմ յոյսի նշոյլ եւ քաղաքական արժանապատուութեան յաղթանակ

Պրազիլի մէջ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին վերընտրուեցաւ Աշխատաւորական Կուսակցութեան (Փէ. Թէ.) թեկնածու Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվա: Հակառակ որ առաջին փուլին ան երկրորդ դիրքի էր եւ, առ այդ, կը սպասուէր որ իր մրցակիցը, ծայրայեղ աջակողմեան Ազատական Կուսակցութեան թեկնածու Ֆլավիօ Պոլսոնարօ, շահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլը: 

Լուլայի վերընտրութիւնը իւրայատուկ է ոչ միայն որովհետեւ ան արդէն չորրորդ անգամն է որ կը ստանայ ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէն, այլ որովհետեւ իր ընտրութիւնը տարածաշրջանային մասշտապով, եւ թերեւս աւելի անդին, պիտի ունենայ գաղափարախօսական եւ աշխարհաքաղաքական յստակ անդրադարձ:

Արդարեւ, ԱՄՆ-ի Թրամփեան վարչակարգը մեծ սպասում ունէր որ Պոլսոնարոյի ընտրութեամբ շատ յատկանշական առաջընթաց պիտի արձանագրէ ե՛ւ իր Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեամբ նպատակադրուած տասնիներորդ դարու Մոնրոյի Դոկտրինի այժմէականացած տարբերակը, ժողովրդականացած որպէս «Տոնրոյի Դոկտրին», ե՛ւ այսպէս կոչուած գաղափարախօսական Կապոյտ Ալիքը:

Լիպերթարեան եւ ազգայնական-պահպանողական աշխարհահայեացքներու եւ արժեհամակարգերու այդ արտասովոր համադրումով կենդանութիւն գտած եւ մեծ կապիտալի նեցուկը վայելող քաղաքական այդ շարժումին ներկայացուցիչները արդէն իշխանութեան վրայ են Էքուատորի, Փերուի, Չիլէի, Պոլիվիոյ, Փարակուայի եւ մանաւանդ Արժանթինի մէջ: Պրազիլի մէջ Պոլսոնարոյի յաղթանակը պիտի ըլլար «թագին վրայի գոհարը»...

Անցնող երկու տարիներուն Լուլան տեղի չտուաւ Թրամփի ճնշումներուն առջեւ: Ոչ ալ լռեց երբ այս վերջինը փորձեց իրեն յատուկ բառամթերքով նուաստացնել Պրազիլը: Առանց երբեք իջնելու փողոցային մակարդակին, Լուլան հրապարակային ձեւով բարձր պահեց երկրին արժանապատւութիւնը եւ չզիջեցաւ ազգային գերիշխանութենէն: Ի տարբերութիւն իրենց երկրին եւ իրենց անձին նուաստացումով քաղաքական դիմագիծ կերտած այլ ղեկավարներու պահուածքին... 

Աշխարհի մը մէջ ուր յետադիմականութիւնը իր ամենասպառնագին տարբերակներով ինքզինք կը պարտադրէ, Լուլային յաղթանակը յոյսի փոքր նշոյլ մըն է բոլոր անոնց համար որ դեռեւս չեն զիջիր աւելի արդար աշխարհի մը համամարդկային յառաջդիմութեան յանձնառութենէն:

Անոնցմէ էր Սան Փաւլոյի մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Օննիկ Թամճեանը: Յանձնառու մտաւորական մը, որ գաղափարախօսական համադրումը ըրած էր Հայ Դատի պայքարին եւ Փէ.Թէ.ի շարքերուն մէջ քաղաքական իր ակտիւիզմին: Համահունչ Սփիւռքեան Երրորդ Սերունդի դաստիարակութեան, որ հայկականութեան յանձնառութիւնը համադրած էր 1965 -1985/87 պատմական ժամանակաշրջանի համամարդկային յառաջդիմական գործընթացներուն հետ:

Յիշատակդ անթառամ ընկեր, Լուլան յաղթեց.

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան 

 

 

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...