image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութահայ երիտասարդներ բողոքի հաւաք ըրին Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց (Լուսանկարներ, տեսանիւթ)

Պէյրութահայ երիտասարդներ բողոքի հաւաք ըրին Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց  (Լուսանկարներ, տեսանիւթ)

Պէյրութահայ  երիտասարդներ   այսօր բողոքի ցոյց մը կատարած են  Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի  իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  փոխանցեց, որ հարիւրաւոր երիտասարդներ    հասած են   Ռապիյէ շրջանին մէջ  գտնուող Թուրքիոյ դեսպանատունը, ուր    բողոքի  ցոյց  կատարած են:  Երիտասարդները       հաւաքի ընթացքին   ցուցադրած են  արաբերէնով եւ անգլերէն  գրուած    պահանջատիրական  պաստառներ:  Հաւաքի ընթացքին նաեւ հնչած են հայրենասիրական   եւ ազգային երգեր: Նշենք, որ այսօրուան բողոքի հաւաքը   կազմակերպուած է   ՍԴՀԿ, ՀՅԴ  եւ ՌԱԿ   կուսակցութիւններու     երիտասարդական եւ ուսանողական   թեւերուն  կողմէ: