image

«Պելֆորի խոստում»ը Անէ՞ծք կամ փրկութիւն

«Պելֆորի խոստում»ը Անէ՞ծք կամ փրկութիւն

Լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը   կարճ նիւթ մը հրապարակած է «Պելֆորի խոստում»ին մասին: Իր շահեկանութեան  համար   ստորեւ, առանց  յապաղումներու,  մեր ընթերցոողներու ուշադրութեան  կը ներկայացնենք    այդ նիւթը: Յիշեցնենք, որ այս տարի կը զուգադիպի «Պելֆորի խոստում»ի  հրապարակման   99-րդ   տարեդարձին: 


2 Նոյեմբեր 1917-ի Բրիտանիոյ արտ. գործ. նախարար՝ Արթիւր Ճէյմս Պելֆoր, նամակ մը ուղարկեց Լօրտ Լիօնէլ Ուոլթըր Տէ Ռոչելտին, որուն մէջ նշած էր բրիտանական կառավարութեան աջակցութիւնը հրեաներուն ազգայնական երկիր հիմնելու՝ Պաղեստինի մէջ:

Ի՞նչ փոխուած է 99 տարի ետք:

Պաղեստինեան հիմնահարցի մասնագէտ Սաքըր Ապու Ֆախր կը նախընտրէ օգտագործել «Պելֆորի յայտարարութիւն» անուանումը, որովհետեւ անգլերէն բնօրինակը Balfour Declaration է, սակայն Պելֆորի խոստումը անոր հրէական ձեւանիշն է: «Ալ Ժատիտ» կայանին հետ հեռաձայնային կապի մը ընթացքին ան դիտել տուած, թէ կարելի չէ հասկնալ Պելֆորը, իբր առանձին յայտարարութիւն, առանց Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին միջամուխ ըլլալու: Աւելի կարեւոր իրականութիւն է՝ Արեւելքէն օսմանեան իշխանութեան վերացումը եւ անոր փոխանցումը Անգլիոյ: Այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան պետութեան մը ստեղծումը լուծում դառնայ ՝ հրէական խնդրէն վերջնականապէս ազատուելու համար, ըսած է վերլուծաբանը:

Նշենք որ Պելֆոր հակակրանք ունէր հրեաներուն դէմ, եւ ան որոշ օրէնքներ հրապարակած էր անգլիացի հրեաներուն եւ Միջին Եւրոպայէն հասած հրեայ գաղթականներուն դէմ: Ապու Ֆախր կը բացայայտէ. «Ան առաջարկեց հրեաները ուղարկել Պաղեստին, որ այն ժամանակ Բրիտանիոյ հովանաւորութեան տակ էր, ազատելու համար անոնցմէ»:

Ապու Ֆախր տարբերութիւն չի տեսներ Պելֆորի եւ Հիթլէրի պատմութեան միջեւ: Ան կը տնօրինէր գաղթակայաններ, ուր ուղարկեց հրեաները. սակայն Հիթլէր գաղթակայաններ չունենալուն պատճառով ջարդեց զանոնք: Ան կը նշէ, թէ. «Պելֆոր՝ վերջին վտանգաւոր կայանն էր պաղեստինեան ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին էր, որ բնակեցման նպատակով հրէական ամբոխներու դէպի Պաղեստին հոսքը սկսաւ: Եւ իսկապէս 1917-1947-ի միջեւ, 30 տարուան ընթացքին, սիոնիստները կրցան Միացեալ Նահանգներէն խլել բաժանմունքի որոշումը եւ անոր հիման վրայ կերտել իրենց երկիրը 1948-ին»: Պաղեստինցիներու նկատմամբ Պելֆորի յայտարարութիւնը իրենց հայրենիքին կորուստին հիմնակէտն էր:

Ըստ վերլուծաբանին, այդ ժամանակուան պաղեստինեան քաղաքական խմբաւորումներէն որեւէ մէկուն ուշադրութիւնը չէր գրաւած սիոնական վտանգը: Անոնք չէին նկատած նաեւ, որ 1928-ին հրապարակուած բրիտանական հովանաւորութեան պաշտօնագիրը Պաղեստինի վրայ իր յօդուածներուն մէջ կ′ընդգրկէր Պաղեստինի մէջ պատրաստել պայմաններ ստեղծելու ՝ «Հրէական Ազգայնական երկիր» մը:

Օրին բրիտանական կառավարութիւնը ամբողջութեամբ հաւանութիւն տուաւ Պելֆորի յայտարարութեան: Միակ ընդդիմացողը՝ կառավարութեան հրեայ նախարարն էր, որովհետեւ վախցաւ, որ Անգլիոյ մէջ գտնուող հրեաները պարտադրաբար տեղափոխուին Պաղեստին կամ անոնց հետ վարուին որպէս՝ օտար համայնքներ:

99 տարուան ընթացքին աշխարհը ամբողջութեամբ շրջուած է, բացի անկէ, որ «պաղեստինցիներու պահանջատիրութիւնը իրենց հողին» տակաւին կը շարունակուի: «Հակառակ թափառականութեան, որ ապրեցան 1948-ին եւ շարունակական ողբերգութիւններուն, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր ջարդերու եւ պատերազմներու միջոցաւ: Միակ փաստը, որ ներսը գտնուող պաղեստինցի ժողովուրդը կը շարուանկէ կայուն մնալ, բան մը, որ կը նշանակէ որ պաղեստինեան հարցը տակաւին կենդանի է ու այդ պահանջատիրութիւնը մեռած չէ»,- ըսած է Ապու Ֆախր: