image
Հրատապ լուրեր:

Պայտըն, Էրտողան եւ ... զգուշութիւն

Պայտըն, Էրտողան եւ ... զգուշութիւն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային դեմոկրատ թեկնածու Ճո Պայտընի վարչակազմը պէտք է զգոյշ վերաբերմունք դրսեւորէ թրքական կառավարութեան նկատմամբ: Նման կարծիք յայտնած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան եւ համաշխարհային քաղաքականութեան հարցով փորձագէտ Քրիսթոֆըր Միլլէրը, որուն յօդուածը հրապարակուած է Jerusalem Post-ի մէջ:

Ըստ վերլուծաբանին՝ արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ ամենաարդիական խնդիրը Պայտընի համար, որ Թուրքիոյ նախագահին կը համարէ առնուազն «արմատական իսլամիստ եւ գաղտնի ահաբեկչութեան հովանաւոր», պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ ղեկավարի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններու հարցը:

Փորձագէտը կ'ենթադրէ, որ Էրտողանը առաւել կոշտ վերաբերմունքի կ'արժանանայ Պայտընի կողմէ այնպիսի խնդիրներու շուրջ, որոնց հարցով Տանըլտ Թրամփը գլուխ չի հաներ, ինչպէս օրինակ Անգարայի կողմէ ռուսական С-400 ՀՕՊ համակարգերու գնումը, ինչպէս նաեւ երկրի տարաձայնութիւնը Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ Միջերկրական ծովու մէջ կազի բնական պաշարներու հարցով: