image

«Պարոն Ալիեւ դուք կը ստէք» Գերմանական Bild -ի խմբագիր

«Պարոն Ալիեւ դուք կը ստէք» Գերմանական Bild -ի խմբագիր

Գերմանական հեղինակաւոր Bild պարբերականի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ՝ Փոլ Ռոնժեյմըր արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ իբրեւ թէ Ատրպէյճանի կողմէն Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու մասին լրագրողներու հրապարակումները ապատեղեկատւութիւն են:

Ռոնժեյմըր իր «թուիթըր»եան միքրոպլոկով յայտարարած է, որ Ալիեւ կը ստէ:

«Միայն BBC-ն չէ, որ գիտէ, թէ նախագահը կրկին կը ստէ: Մենք այնտեղ ենք երկու շաբաթէ ի վեր: Գրեթէ ամէն օր եւ գիշեր տեսած եմ  քաղաքացիական հատուածներու հրետակոծում: Կան բազմաթիւ լրագրողներ, որոնք կարող են ապացուցել, որ դուք կը ստէք»,-գրած է գերմանացին:

Bild-ի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալը կիսուած է BBC-ի թղթակից՝ Օրլա Կուերինի գրառմամբ, ուր վերջինը մէջբերած է իր հետ հարցազրոյցի ընթացքին Ալիեւի խօսքերը առ այն, որ BBC-ի թղթակիցի սեփական աչքով տեսածը «կեղծ լուր է»:

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն Արցախի խաղաղ բնակիչները թիրախ դարձնելու փաստերը «կեղծ» անուանելու Ալիեւի խօսքերը քննադատութեան ալիք առաջացուցած են Արցախի մէջ կատարուածը իրենց աչքով տեսած միջազգային Զանգուածային Լրատուական միջոցներու  ներկայացուցիչներուն մօտ: Ընկերային ցանցերը հեղեղուած են Ալիեւը խայտառակող գրառումներով: