Շաբաթ առաւօտ երկու պայթում ցնցած է Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մարդաշատ կեդրոնական շուկաներէն մէկը, որու հետեւանքով զոհուած է նուազագոյն 21 մարդ, եւ վիրաւորուած՝ 40 ուրիշներ, այս մասին կը տեղեկացնէ իրաքեան ոստիկանութիւնն ու բժիշկները: Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուն այս մասին Reuters- ին յայտնած է, որ պայթումներէն մէկը անձնասպանական գործողութեան արդիւնք էր, իսկ երկրորդը՝ ականապատման հետեւանք:
Ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ պայթումները տեղի ունեցած են ինքնաշարժի արտադրամասեր վաճարող խանութներու մօտ, Սանքի մէջ, առաւօտեան աշխուժ եռուզեռի ժամերուն:
Ցարդ ոչ մէկ կողմ որդեգրած է յարձակումը, սակայն Իսլամական Պետութիւնը սովորաբար Պաղտատի մէջ թիրախ կը դարձնէ անզէն քաղաքացիները: