Թուրքիոյ մէջ «Օսմանեան կուսակցութիւն» անունով նոր քաղաքական կուսակցութիւն ստեղծուած է: CNNTurk-ի հաղորդմամբ՝ կուսակցութեան կերպի վրայ պատկերուած են կիսալուսին, իսկ անոր վրան «ալէֆ» և «ուաու» տառերը (որ միասնաբար կը հնչուին «Օ» - խմբ.):
«Օսմանեան կուսակցութեան» նախագահ Իպրահիմ Ունիէն յայտնած է, որ իրենք կը պատրաստուին շատ կարճ ժամանակի մէջ երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ ներկայացուցչութիւններ հիմնել եւ մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: