image
Հրատապ լուրեր:

Օպամա. «Յոյս ունիմ, որ Թրամբ դէմ կը դնէ Մոսկուային»

Օպամա. «Յոյս ունիմ, որ Թրամբ դէմ կը դնէ  Մոսկուային»

BBC Arabic կայանը կը փոխանցէ, որ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա, յոյս յայտնած է, որ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբ անհրաժեշտութեան պարագային դէմ կը դնէ Ռուսիոյ, առանց որեւէ փոխզիջումներու Մոսկուայի հետ:

«Յոյս ունիմ, որ նորընտիր նախագահը Ռուսիոյ դէմ դնելու պատրաստակամութիւնը կ'ունենայ, երբ  Մոսկուա  չյարգէ  մեր արժէքներն ու միջազգային չափանիշները»,- յայտարարած է Օպամա, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մէրքէլի հետ համատեղ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: