image

Նաթանիահուի վարած վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը անկարելի կը դարձնէ Պաղեստինեան Պետութեան ստեղծումը. Օպամա

Նաթանիահուի վարած վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը անկարելի կը դարձնէ Պաղեստինեան Պետութեան ստեղծումը. Օպամա

ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա երէկ, 10 յունուարին իսրայէլեան կայանի հետ հեռուստազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի վարած վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը կը խանգարէ եւ անկարելի կը դարձնէ Պաղեստինեան Պետութեան ստեղծումը: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:

Օպամա նշած է նաեւ, որ թէ՛ ինք, թէ՛ ԱՄՆ Արտաքին Գործոց նախարար Ճոն Քերի անցնող քանի մը տարուան ընթացքին բազմիցս յորդորած են Նաթանիահուն՝ հրաժարելու վերաբնակեցման սատարող իր քաղաքականութենէն, սակայն ապարդիւն:

Նշենք, որ ներկայիս 2,6 միլիոն պաղեստինցիներով բնակեցուած Արեւմտեան Ափն ու Արեւելեան Երուսաղէմը  մօտ 570 հազար իսրայէլցի վերաբնակիչի ապաստան դարձած է:

Իսրայէլ յոյս ունի, որ Թրամբ առաւել բարեացակամ մօտեցում կը ցուցաբերէ իր հանդէպ, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ վերջինս քննադատած էր Թէլ Աւիւի նկատմամբ Օպամային վարած քաղաքականութիւնը, խոստանալով ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխել՝ բորբոքելով պաղեստինցիներու զայրոյթը: