image

Նաթանիահու զայրացած է իր կնոջ ձայնագրութիւններու տարածումէն

Նաթանիահու զայրացած է իր կնոջ ձայնագրութիւններու տարածումէն

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի կնոջ՝ Սարային վերաբերեալ ձայնագրութեան հրապարակումը բուռն քննարկումներու առիթ ստեղծած է, կը գրէ «Sky News» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, ձայնագրութեան մէջ Սարա Նաթանիահու իր օգնականներուն մէկուն դիմելով բարկացած կը պոռայ, թէ իր մասին գրուած է, որ իր ուսման մակարդակը պարզ չէ, սակայն ինք հոգեբանութեան մէջ մագիստրոսի աստիճան ունի:

2009 թուականին տեղի ունեցած դեպքի ձայնագրութիւնը իսրայէլեան հեռուստակայաններուն կողմէ հրապարակուած է, որմէ ետք Սարայի հասցէին քննադատութիւններ սկսած են հնչել, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ վերջինս մշտապէս աչքի ինկած է իր կռուարարութեամբ, եւ պետական պաշտօնեաներուն հետ ունեցած բախումներով:

Իր հերթին վարչապետ Նաթանիահու ֆէյսպուքեան գրառմամբ մը դատապարտած է ձայնագրութիւնը տարածողները, շեշտելով, որ նման արարք իր ընտանիքին դէմ ուղղուած ոտնձգութիւն է: