Օգտուելով այն ծանր ողբերգական վիճակէն, զոր կ'ապրի Հալէպ քաղաքը, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու փորձած է աշխարհին ներկայանալ «մարդասիրական» մղումներէ դրդուածի պատկերով, երբ Երուսաղէմ ժամանած օտար լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է. «Մենք պատրաստ ենք ընդունելու վիրաւոր կիներն ու երեխաները, նաեւ այն տղամարդիկ, որոնք կռիւներու չեն մասնակցած՝ տեղափոխելով իսրայէլեան հիւանդանոցներ եւ խնամելով զանոնք այնպէս, ինչպէս խնամած ենք հազարաւոր սուրիացի քաղաքացիներ», կը գրէ «Ալ Քուտս» լրատուական կայքը:
Նաթանիահու շարունակելով իր խօսքը ըսած է. «Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն խնդրեցի միջոցներ գտնել՝ ընդլայնելու համար Սուրիոյ ճգնաժամի հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն ցուցաբերուելիք բժշկական օգնութիւններու ծիրը, մանաւանդ անոնց, որոնք կը գտնուին Հալէպի մէջ»:
Յիշենք, որ ըստ թրքական աղբիւրներու, զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ գտնուող Արեւելեան Հալէպէն դուրս բերուած է շուրջ 37 հազար 500 մարդ, որոնք տեղափոխուած են պետական բանակի տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններ, որմէ ետք իրենք պէտք է որոշեն, թէ ուր կ'ուզեն երթալ:
Մինչդեռ Կարմիր Խաչ միջազգային կազմակերպութիւնը նշած էր, որ դուրս բերման գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր Արեւելեան Հալէպէն դուրս բերուած է ընդամէնը 25 հազար մարդ: