image

Նաթանիահու եւ Ալիեւ Պաքուի մէջ երկկողմ համագործակցութեան հարցեր քննարկած են

Նաթանիահու եւ Ալիեւ Պաքուի մէջ երկկողմ համագործակցութեան հարցեր քննարկած են

Բաքուի մէջ կայացած է աշխատանքային այցով երկիր ժամանած Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ն, նշելով, որ բանակցութիւններու աւարտին համագործակցութեան մասին փաստաթուղթեր ստորագրուած են, այդ շարքին` գիւղատնտեսութեան եւ գոյքի կրկնակի հարկէն խուսափելու հարցի շուրջ:

Տեղի հրէական համայնքի հետ հանդիպումէն ետք Նաթանիահու նոյն օրը Բաքուէն մեկնած է Ղազախստան:

Աղբիւրի հաղորդմամբ` Նաթանիահուի Պաքու այցը դժգոհութեամբ ընդունուած է հարեւան Իրանի կողմէ: