Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին հանրաքուէի ձայներու հաշուառումը: Այս մասին կը փոխանցէ Տէյլի Սապահ-ը հաղորդելով նաեւ, որ մինչեւ այս պահը հաշուառուած են քուարկութեան կեդրոնտեղիներու 78 առ հարիւրը եւ ըստ նախնական տուեալներու Էրտողանի առաջարակած սահմանադրական բարեփոխումներուն «Այո՛» ըսած են քուարկողներուն 54 առ հարիւրը, իսկ «Ո՛չ» քուէարկողներուն 46 առ հարիւրը: Աղբիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ մասնաւորապէս Պոլսոյ (51 առ հարիւր) եւ երկրի Արեւելեան նահանգներուն մէջ «Այո՛»ն պարտութիւն կրած է: