image

Նախագահ Սիսի խաղաղութեան նոր ծրագիր ունի արաբ- իսրայէլեան հակամարտութեան համար

Նախագահ Սիսի       խաղաղութեան նոր ծրագիր  ունի արաբ- իսրայէլեան  հակամարտութեան համար

Եգիպտոսի նախագահը խաղաղութեան նոր ծրագիր ունի  արաբ-իսրայէլեան    հակամարտութեան համար: Այս մասին կը գրէ լոնտոնեան «Ալ Քուտս»ը: Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիիրակութիւն մը  յառաջիկայ օրերուն Գահիրէ պիտի  ժամանէ Եգիպտոսի նախագահին հետ քննարկելու համար Պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծումներ  գտնելու միջոցները:  Զօր. Սիսիի մօտիկ աղբիւրներ  կը հաղորդեն, որ եգիպտացի նախագահը  կոչ ըրած է  երկու հակամարտող կողմերուն՝  նստիլ բանակցութեանց  սեղան: