Լիբանանի հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն երէկ զգուշացումներ յղած է վարչապետ Հարիրիին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ-Ախպար» պարբերականը, նշելով, որ Աուն երէկ Պաապտա այցելող իր հիւրերուն առջեւ խօսած է երկրի ընդհանուր իրավիճակին եւ յատկապէս անդրադարձած է կառավարութեան կազմութեան թնճուկին:
Նախագահը շեշտած է, որ շատ քիչ ժամանակ պիտի տայ վարչապետ Հարիրիին, որ վերջինս կողմնորոշուի եւ անկէ ետք անշուշտ գործի պիտի անցնի:
Նշենք, որ անցնող օրերուն կառավարութեան կազմութեան տագնապին վերաբերեալ նոր զարգացումներ գրանցուած էին, եւ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ Հարիրիին տրուած է նոր առաջարկ մը, կազմելու համար 32 հոգիներէ բաղկացող կառավարութիւն մը:
Մինչ Հարիրիի մօտիկ շրջանակներ ցարդ խնդրին վերաբերեալ ոչ մէկ արձագանգ տուած են, սակայն ըստ երեւոյթին, նախագահ Աունի տեղեկութիւններով Հարիրի նոյնպէս պիտի մերժէ 32 նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւ մը գլխաւորել:
Կը նշուի նաեւ, որ եթէ նախագահ Աունի առաջարկը իրականութիւն դառնայ, ապա կը լուծուի սիւննի անկախ նախարարներու մասնակցութեան հարցը եւ Լիբանան կ'ունենայ նոր կառավարութիւն:
Աւարտին յիշեցնենք, որ անցնող մայիսէն ի վեր , երբ վարչապետ Հարիրի ընտրութիւններէն ետք նշանակուեցաւ երկրի վարչապետ, Լիբանան կը շարունակէ գոյատեւել առանց կառավարութեան: