image

Մուսուլ. Դիակները կը խանգարեն կեանքի բնականոնացման

Մուսուլ. Դիակները կը խանգարեն կեանքի բնականոնացման

Իրաքեան Մուսուլ քաղաքի ազատագրումէն ետք մինչեւ օրս քաղաքի պատմական շրջաններուն մէջ տակաւին «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու դիակները տարածուած են, բան մը, որ բնակիչներու մօտ սարսափ կ'առաջացնէ, նկատի ունենալով, որ այդ դիակները կրնան քաղաքի օդն ու ջուրն ապականել, մանաւանդ անձրեւներու տեղումէն ետք: Այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, քաղաքի ազատագրումէն 6 ամիս անց տակաւին Տիգրիսի ափին մարդկային դիակներ ու մարմնի մասեր կուտակուած են, որոնցմէ քարշելի հոտ կը տարածուի:

Քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն Ապտ Ալ Սաթթար Ալ Հապօ անդրադառնալով խնդիրին նշած է, որ քաղաքապետարանը աւելի քան 450 դիակ դուրս բերած է աւերակներուն տակէն, եւ տակաւին հարիւրաւոր դիակներ կան, որոնք պէտք է դուրս բերուին, սակայն դիակներուն հասնելու առումով խնդրին այն է, որ քաղաքապետարանի աշխատակիցները մեծ վտանգի կ'ենթարկեն իրենց կեանքը, նկատի ունենալով, որ այդ շրջանները տակաւին ամբողջութեամբ չեն ականազերծուած: