image

Մոնթէի ծննդեան օրը ՊՆ եւ ԶՈւ ղեկավարութիւնը այցելած է Եռաբլուր՝ յարգելու Ազգային հերոսի յիշատակը

Մոնթէի ծննդեան օրը ՊՆ եւ ԶՈւ ղեկավարութիւնը այցելած է Եռաբլուր՝ յարգելու Ազգային հերոսի յիշատակը

Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի ծննդեան 61-րդ տարեդարձին առիթով, 25 նոյեմբերին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը ՀՀ ՊՆ, ԶՈւ եւ ԶՈւ ԳՇ ղեկավար կազմի, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ազատամարտիկներու ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած հերոսի յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Ներկաները ծաղիկներ խոնարհնած են սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, «Բերդապար» յուշակոթողին` ոգեկոչելով Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակը: