image

Մարտինի մէջ քիւրտ զինեալներ յարձակած են Էրտողանի կուսակցութեան շէնքի եւ պահակակէտի վրայ

Մարտինի մէջ քիւրտ զինեալներ յարձակած են Էրտողանի կուսակցութեան շէնքի եւ պահակակէտի վրայ

30 Հոկտեմբերի երեկոյան Թուրքիոյ քրտաբնակ Մարտին նահանգի Քըզըլթէփէ շրջանին մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) զինեալներ յարձակած են իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան շէնքի եւ հարեւանութեամբ գտնուող ոստիկանական պահակակէտի վրայ: Այս մասին կը գրէ «Sabah» թերթը, նշելով, որ քիւրտ զինեալները ռումբ պայթեցուցած են  շէնքի դիմաց: Յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է 3 ոստիկան:

Անվտանգութեան ուժերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու, զինուած PPK-ականները նահանջած են ելման դիրքեր: Այժմ թրքական ուժերը զինեալները յայտնաբերելու նպատակով կ'իրակացնեն  լայնամաշտապ գործողութիւններ: