Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի՝ 2 դեկտեմբերի ստորագրած հրամանագրին համաձայն՝ Միքայէլ Սամուէլի Վիրապեան ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան աշխատանքի, ընկերային եւ բնակարանային հարցերու նախարարի պաշտօնէն՝ այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ։ Նոյն օրը, նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով, Մանէ Վանիայի Թանտիլեան նշանակուած է ԱՀ աշխատանքի, ընկերային եւ բնակարանային հարցերու նախարար։ Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանրապետութեան նախագահը այս առթիւ ընդունած է Մանէ Թանտիլեանը եւ նախանշած ստեղծուած ընկերա-տնտեսական բարդ իրավիճակին մէջ պետական ընկերային քաղաքականութեան ծիրէն ներս իրականացուելիք ծրագիրները: Արայիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ նորանշանակ նախարարին ցուցաբերած պատրաստակամութեան եւ յետպատերազմական ծանր ժամանակաշրջանին աշխատանքի առաջարկը ընդունելու համար: