ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար՝ Անթօնիօ Կութերես, կազմակերպութեան նիստի ընթացքին, խոստացած է աշխատաք տանիլ կազմակերպութեան բարելաւման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Sky news», աւելցնելով, թէ նոյն նիստին Կութերես նշանակուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար, դառնալով 9-րդ քարտուղարը, որ պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ յունուարին:
Յայտնենք, որ երդման արարողութեան աւարտէն ետք, Փորթուկալի նախկին վարչապետ Կութերես, իր ճառին մէջ նշած է, թէ «պաղեստինեան-իսրայէլեան հակամարտութիւնը մեզմէ միջնորդութիւն կը պահանջէ»: Ինչպէս նաեւ խոստացած է հակա-ահաբեկչական աշախտանքները վերահսկել եւ այդ ուղղութեամբ նոր միջոցներ ձեռքբերել:
Նշենք, որ Կութերեսի պաշտօնավարութիւնը կ’աւարտի 31 դեկտեմբեր, 2021-ին: Անոր նստաշրջանը կրնայ երկարաձգուիլ՝ մէկ անգամով միայն: