Իրաքցի արմատներով բրիտանացի անուանի ճարտարապետ Զահա Հատիտ այսօր իր մահկանացուն կնքեց: 65 տարեկան Հատիտ, որ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած լրատուական գործակալութիւններ կը յիշեցնեն, որ Իրաք ծնած ճարատապետի գլխաւոր գործերէն կը համարուին Չինաստանի Կուանզու քաղաքի Օբերայի տունն ու Լոնտոնի Ողիմպիական լողաւազանը, Կլասքո քաղաքի թանգարանը եւ բազմաթիւ միջազգային համբաւ շահած կոթողային կեդրոններ: Հատիտ ստացած է տասնեակ պարգեւներ, որոնց ամէնէն յիշատակելիներն են ՐԻՊԱ ոսկեայ մետալն ու բրիտանական Սթէրլինկ մրցանակը ( 2 անգամ):

