Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան խորհրդանիշ համարուող Մաալուլաի մէջ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի մեծադիր յուշարձանը դարձեալ տեղադրուած է իր տեղը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Սուրիոյ մասին լուրեր հաղորդող ֆէյսպուքեան էջը, նշելով, որ «ինչպէս որ Մարիամ Աստուածածնի արձանը վերագտաւ իր առաջուան տեղը, նոյնպէս Սուրիան պիտի գտնէ իր երբերմնի դիրքը»:
Նշենք, որ զինեալները Դամասկոսի մերձ եղող եւ քրիստոնէաբնակ Մաալուլա պատմական գաւառը մուտք գործած էին 2013-ի սեպտեմբերին, ապա բանակին հետ բախումներ ունենալէ ետք հեռացած էին գիւղէն, սակայն նոյեմբերին դարձեալ մուտք գործած էին:
14 ապրիլ 2014-ին սուրիական բանակը կրցած էր իր հակակշռին տակ առնել Մաալուլան:
Նշենք նաեւ, որ շրջանի բոլոր եկեղեցիները ենթարկուած էին ծրագրուած կողոպուտի. անոնք թալանուած են եւ կրած նիւթական մեծ վնասներ: