image

Լիբանանի մէջ Վարչպետ Հարիրի-Ուիամ Ուահապ լարուածութիւնը հասաւ գագաթնակէտին.Կրակոցներ եւ վիրաւոր տիւրզի գաւառակին մէջ

Լիբանանի  մէջ Վարչպետ Հարիրի-Ուիամ  Ուահապ    լարուածութիւնը  հասաւ  գագաթնակէտին.Կրակոցներ եւ  վիրաւոր   տիւրզի   գաւառակին մէջ

Լիբանանի  ներքին ապահովութեան ուժերու     «Տեղեկահաւաքի  բաժանմունք»ի   ջոկատ մը  այսօր        յետմիջօրէին      տարածուած է    նախկին նախարար Ուիամ  Ուահապի  բնակարանին մօտ։ Ըստ   LBCI  կայանին    ապահովական  մարմիններու     հարիւրի հասնող  զինուորական կառքեր  հասած են Ուահապի «Ալ Ժէհիլիյէ»    աւան      դատական  ամբաստանագիր մը  յանձնելու   նախկին նախարարին։

 Աւելի   ուշ    յայտարարուած է,   որ      տեղի ունեցած է կրակոց, որուն հետեւանքով ալ  ծանրօրէն վիրաւորուած է  Ուահապի  մօտիկ  համարուող  անձերէն  մին։

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ուահապ, որ մերժած է   ստանալ    այդ  ամբաստանագիրը  (եւ  այս անգամը   ըստ նոյն աղբիւրին  երրորդն էր)  եղածը համարած է իր դէմ  կազմակերպուած  մահափորձ մը ու այդ մահափորձը  պատրաստելու  եւ կազմակերպելուն մէջ    մեղադրած է     երկրի  վարչապետ Սաատ Հարիրին։

Նշենք,  որ Ուիամ    Ուահապ    շաբաթ մը առաջ     ծանր   վիրաւորանքներ    ըրած էր     վարչապետ   Սաատ Հարիրիի   հասցէին։

  Ըստ   նոյն   աղբիւրին «Հըզպալլա»  կուսակցութիւնը   կարեւոր  ճիգ    գործադրած է,որպէսզի կարելի  ըլլայ  իրավիճակը  մեղմել։

 

 Ներկայիս   զգուշաւոր հանդարտութիւն  կը տիրէ   մեծամասնութեամբ տիւրզի  բնակչութիւն ունեցող         «Ալ Ժէհլիյէ»  շրջանին մէջ։