Պէյրութ- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին յայտնած է, որ երկրի մէջ տնտեսական, անվտանգութեան եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ տիրող կայունութեան իրավիճակը դարձած է ճգնաժամային: Իպրահիմի այս մասին անդրադարձած է երկուշաբթի հրապարակուած «Ընդհանուր Ապահովութիւն» պարբերականին բացման խօսքին մէջ, աւելցնելով, որ երկիրը ներկայիս կը գտնուի միջազգային ճանապարհի մը վրայ, որ կայունութեան խնդիրը ճգնաժամային կը դարձնէ՝ բառին բուն իմաստով: Իպրահիմի նաեւ դիտել տուած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սկիզբ առած «հրդեհը» առաջացուցած է տարբեր հաւանականութիւններ, որոնցմէ նուզագոյնը՝ հարուստ պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող երկիրներու փլուզումն է, իր հետ բերելով տարբեր տեսակի ժողովրդագրական փոփոխութիւններ: Իպրահիմի նաեւ աւելցուցած է, որ «Լիբանաի մէջ իրավիճակը ալ աւելի լարողը՝ նախագահական դատարկութեան գաղափարին ընտելացումն է, որ բոլորած է իր երրորդ տարին, պատճառելով ընդհանուր անդամալուծութիւն բոլոր հաստատութիւններէն ներս, առանց բացառութեան»: