25 օր առաջ ընթացք առած բողոքի հաւաքները կը շարունակուին Լիբանանի մէկէ աւելի շրջաններու մէջ։
Ուշագրաւ է այն փաստը, որ ցուցարարները կը փորձեն նոր ձեւի բողոքի գործողութիւններ իրականացնել, որոնց մասնակիցները հանդէս կու գան ամենատարբեր լոզունքներով։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեծ թիւով բողոքարարներ հաւաքուած են Պէյրութի ծովեզերեայ «Զէյթունա պէյ» շրջանին մէջ եւ իրականացուցած «միասնաբար նախաճաշենք» հաւաքը։
Հաւաքներ կ՚իրականացուին նաեւ Սայտայի, Թրիփոլիի եւ այլ շրջաններու մէջ։
Կը սպասուի, որ մեծ թիւով ցուցարարներ այսօր երեկոյեան ժամերուն հաւաքուին Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներուն մէջ։
Նշենք, որ կառավարութեան հրաժարման պահանջով փողոց իջած ցուցարաները երկրին մէջ առկայ տագնապը լուծելու համար կարեւոր կը համարեն արագօրէն կազմել քաղաքական միջավայրէ հեռու անկախներու եւ մասնագէտներու՝ «Թեքնոքրաթ» կառավարութիւն մը։