image

Լիբանանեան սահմանի գետնուղիներու հարցը ՄԱԿ-ի ժողովին

Լիբանանեան սահմանի գետնուղիներու հարցը ՄԱԿ-ի ժողովին

ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդը այսօր արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ, քննարկելու համար Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ յայտնաբերուած գետնուղիներու հարցը: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Ալ-Ժատիտ» կայանին կողմէ:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ արտակարգ նիստը պիտի ըլլայ հրաւէրովը՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մօտ Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչին:

Յիշեցնենք, որ անցնող շաբաթներուն լիբանանեան մամուլը եւ քաղաքական շրջանակները քննարկման նիւթ դարձուցած էին իսրայէլեան բանակի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնց հիման վրայ իսրայէլեան բանակը յաջողած է յայտնաբերել երեք գետնափոր ուղիներ, որոնք սկիզբ կ'առնեն Լիբանանէն եւ կը հասնին իսրայէլեան շրջաններ:

Նշենք նաեւ, որ նոյն թեմային առումով «Հըզպալլա» մինչեւ այս պահը լռութիւն կը պահէ թեմային վերաբերեալ: