Լիբանան- Լիբանանի պետական եւ մասնաւոր բոլոր վարժարանները վաղը ՝ Երկուշաբթի, 4 Յունուարին փակ պիտի պահեն իրենց դռները: Այս մասին «Ալ Ժատիտ» Կայանին յայտարարեց երկրի Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սահըպ: Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ կլիմայական ծանր պայմաններու հետեւանքով երկարաձգուած դպրոցական արձակուրդը պիտի տեւէ մինչեւ Չորեքշաբթի օր՝ իր մէջ ներառելով նաեւ Հայ Առաքելական համայնքի Սուրբ Ծննդեան տօնը: