image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան բանակը կարեւոր գործողութիւն կատարեց Արսէլի բարձունքներուն. ISIS-ի 11 ահաբեկիչներ ձերբակալուեցան

Լիբանանեան բանակը կարեւոր գործողութիւն կատարեց Արսէլի բարձունքներուն. ISIS-ի 11 ահաբեկիչներ ձերբակալուեցան

Լիբանանեան բանակը երէկ ուշ երեկոյեան զինուորական գործողութիւն մը կատարելով ուժգին հարուած հասցուց Արսէլի Ուատի Ալ Արանէպ շրջանի մէջ տեղակայուած ահաբեկիչներու դիրքերուն: Ըստ LBCI կայանին, բանակը յաջողեցաւ գրոհել ISIS-ի մէկ դիրքը եւ ձերբակալել 11 ահաբեկիչներ: Կը հաղորդուի, որ ձերբակալեալներուն մէջ է Ահմատ Եուսէֆ Ամուն անունով ահաբեկիչը, որ դիւրացուցած էր անցեալ յուլիսին Ալ Քահ քրիստոնէական աւան իսլամիստներու թափանցումը, որոնք ինքնասպանական վեց գործողութիւններ կատարելով սպաննած էին հինգ քաղաքացիներ:

Նշենք, որ Արսէլի բարձունքները, մօտիկ ըլլալով սուրիական սահմաններուն, դարձած են թաքստոց իսլամիստներու, որոնց շարքին ISIS-ի եւ «Ալ Նուսրա» ճակատի ծայրայեղականներուն:

Ահաբեկիչները տարբեր առիթներով գրոհներ կը կատարեն Լիբանանեան բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ: Մինչ «Ալ Նուսրա»ի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի զինուորները ազատ արձակուեցան, մինչեւ այս պահը ՏԱՀԷՇ-ի մօտ գտնուող շուրջ տասը զինուորներու ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ: Լիբանանեան բանակին համար այսօր հիմնական գերխնդիրը ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ բաց պայքարն է, տրուած ըլլալով, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով քիչ չէ թիւը այն իսլամիստներուն, որոնք փախստականի քողին տակ Լիբանան կը թափանցեն: