image

Լիբանանցի քաղաքական գործիչը զգայացունց յայտարարութիւն կատարեց. «Ներքին զգացում ունիմ, որ Հարիրի վարչապետ պիտի չդառնայ»

Լիբանանցի քաղաքական գործիչը զգայացունց յայտարարութիւն կատարեց. «Ներքին զգացում ունիմ, որ Հարիրի վարչապետ պիտի չդառնայ»

Լիբանանեան տուրզի համայնքի ղեկավարներէն, Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, երէկ զգայացունց յայտարարութիւններ կատարեց:

Ուահապ, որ խօսեցաւ «Ալ-Մայատին» կայանէն, մասնաւորապէս նշեց, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումներէն ետք, 8 Մարտի քաղաքական շրջանակներուն մէջ շատ աշխոյժ կերպով կը քննարկուի Հարիրիի վարչապետութեան պաշտօնին մնալու հարցը:

Ուիամ Ուահապ նաեւ ըսաւ, որ շաբաթ օր տեղի ունեցած միջադէպը նպատակ ունէր զինք ահաբեկել:

Ան նաեւ շեշտեց «Հըզպալլա» կուսակցութեան դերը, նշելով, որ շաբաթ օր տեղի ունեցած միջադէպին բոլոր մանրամասնութիւնները եւ այդ միջադէպին կապուած ապագայ զարգացումները այսօր յանձնուած են «Հըզպալլա»ին:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ օր, Ուիամ Ուահապի «Ալ-Ժալիյէ» շրջանին մէջ եղած նստավայրին մօտ տեղի ունեցած էր զինեալ միջադէպ: Ապահովական մարմիններ, որոնք շրջան բարձրացած էին Ուահապին յանձնելու որոշում- հրամանագիր մը, չեն յաջողած իրենց գործը կատարել, Ուահապ հեռացած էր շրջանէն եւ կրակոցին արդիւնքով վիրաւորուած էր անոր թիկնապահներէն մին, որ նոյն օրը ուշ երեկոյեան աւանդած էր իր հոգին:

Այսօրուայ դրութեամբ, Ուիամ Ուահապ կը համարուի Հարիրիի գլխաւոր քննադատողներէն մին: