Լիբանան-(«Ալ Ժումհուրիյա»- Պէյրութ) Լիբանանի Պաալպէք շրջանին մէջ օրերս ծնած է երգլխանի երեխայ մը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ Ժուհուրիայա» պարբերականը: Թերթը նաեւ կը փոխանցէ, որ երեխան կը կոչուի Հանան Սալէհ Տարուիշ եւ անոր ծնողները Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն են: Պաալպէքի «Ալ Մուրթատա» հիւանդանոցի պատասխանատուներէն՝ բժիշկ Ահմատ Մուաուիյա յայտնած է, թէ շտապ վիրաբուժութեամբ մը կարելի եղած է նորածինը փրկել եւ ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խիստ հսկողութեան տակ: