image

ԼՂՀ Վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Մասնակցած է «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ուան

ԼՂՀ  Վարչապետ Արայիկ  Յարութիւնեան  Մասնակցած է    «Անթիլիասի Ուխտի  Օր»ուան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրպետութեան վարչապետ  Պրն. Արայիկ Յարութիւնեան    այսօր մասնակից դարձած է Անթիլիասի  մէջ տեղի  ունեցած    Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի  տօնախմբութիւններուն: Այս ամսին  լուրը կը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկոյ  Կաթողիկոսութեան կայքէջը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ   Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ    մատուցուած  Սուրբ եւ անմահ  պատարագի  աւարտին Պատարագի աւարտին Դպրեվանքի ուսանողներէն, լիբանանի քահանայից դասէն եւ միաբան հայրերէն կազմուած մեծաշուք թափօրը սկսաւ խուռներամ բազմութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կը գլխաւորէր թափօրը ձեռքին ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջին մասունքը, որուն օրհնութիւնը կը բաշխէր ժողովուրդին։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան եւ թափօրին մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Տիար Արա Յարութիւնեան, Ղարաբաղէն պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ։Թափօրի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերու առաջնորդութեամբ բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը, յանուն Մեծ Սուրբին հաւատքին հաւատարիմ մնացած ժողովուրդին, ընթերցեց «հաւատքի հօր» նուիրուած եւ Հայրապետական իր գրիչով խմբագրած աղօթքը՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քեզի կը դիմենք ուխտաւոր զաւակներս, Բարձրեալ Աստուծոյ մեծանուն ուխտաւորիդ, ո՜վ Գրիգոր Սուրբ Հայրապետ: Դուն, որ աւետարանական ճշմարտութիւններով սնած եւ Քրիստոսի սիրով բոցավառ ուխտեցիր հաւատարմութեամբ ծառայել Աստուծոյ Որդւոյն, ո՜վ երանելի Սուրբ Հովուապետ հայ ժողովուրդի։ Դուն, որ Քրիստոսի երկնային քաղցրութիւնը ճաշակելով կեանքդ իբրեւ կենդանի պատարագ ընծայեցիր Անոր, ո՜վ սքանչելագործ վկայ Քրիստոսի։ Քու ժայռեղէն հաւատքովդ պահէ ու պահպանէ՛ մեր կեանքը՝ հայ ժողովուրդի հաւատքի առաքեալ. քանդէ՛ ու փշրէ՛ մեր շուրջը կանգնած մոլութիւններու եւ մեղքերու պատուարը ու մեզ առաջնորդէ՛ երկնային շնորհներու ու առաքինութիւններու յաւերժահոս աղբիւրը»։Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին, Մայր Տաճարի աւագ խորանին վրայ տեղադրուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքը։ Միաբան Հայրերու հսկողութեան ներքեւ սրբազան մասունքը մինչեւ ուշ երեկոյ կը մնայ Մայր Տաճարին մէջ, որպէսզի բազմահազար ուխտաւորներուն առիթ ընծայուի հաղորդակից դառնալու Մեծ Սուրբին եւ օրհնութիւն ստանալու համբուրելով սրբազան Աջի մասունքը:  Կայքը կը յիշեցնէ, որ 1931 թուականին Երջանկայիշտակ Սահակ Բ. Խապայեան Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակով հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ուխտի օրուան 85-ամեակին առիթով, ամբողջ շաբթուան մը եկեղեցական արարողութիւններով ստեղծուած հոգեւոր մթնոլորտը իր զենիթին հասաւ Կիրակի, 13 Մարտ 2016-ին, երբ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Հայ Եկեղեցւոյ «հաւատքի հօր»՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքով օրհնուեցաւ Ս. Տաճարն ու Կաթողիկոսարանի բակերը ողողած ժողովուրդը։